2015-08-23 12:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը` ՙՙՏէր որո՞ւ երթանք՚՚։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 23 օգոստոս 2015-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը որուն սկիզբը  խորհրդածութիւն մը կատարեց մեկնաբանելով  օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը որ Յիսուսի հացի բազմացումի կատարած հրաշքէն ետք կը ներկայացնէ ամբոխն ու աշակերտները որոնք հակառակ սկզբնական  ոգեւորութեան կը վհատին ի տես Յիսուսի արտասանած խօսքերուն զանոնք նկատելով ՙՙխիստ՚՚։ Այսպէսով շատեր կը հեռանան Իրմէ ու անոնց շարքին նաեւ աշակերտները։

Յիսուսի բառերը միշտ խիստ կը թուին ըսաւ Սրբազան  Պապը, սակայն Յիսուս նաեւ կը ներկայացնէ այդ դժուար ըմբռնումը յաղթահարելու բանալին։ Առաջին` Ան ունի Աստուածային ծագում. Իջաւ երկինքէն ու պիտի վերադառնայ այնտեղ ուր կը գտնուէր։ Երկրորդ` Անոր խօսքերը կարելի է հասկնալ միայն Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ` Ան որ կեանք կը պարգեւէ։ Երրորդ` Յիսուսի խօսքերուն ըմբռնումի պակասը հաւատքի պակասէն կը բխի։ Ասոր համար շատ մը աշակերտներ եւս կը հեռանան ու այս իրողութեան դիմաց Յիսուս տասներկուին հարց կու տայ ՙՙդուք ալ կ՛ուզէք երթալ՚՚, եւ հոս է որ Սիմոն Պետրոս իր հաւատքի դաւանանքը կը կատարէ ՙՙՏէր որո՞ւ երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքերը ունիս՚՚։ Պետրոս չ՛ըսեր Տէր ո՞ւր երթանք այլ հարց կու տայ որո՞ւ երթանք։ Այս հարցումով կը հասկնանք թէ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը կը նշանակէ հաւատարմութիւն անձի մը Յիսուսին որուն կարիքը ունինք։  Յիսուսին հաւտալ կը նշանակէ զայն ընտրել որպէս կեանքի կեդրոն, որովհետեւ ան Կեանքի Հացն է անհրաժեշտ սնունդը­, ու Անոր կառչիլը կը նշանակէ ըլլալ ազատ ու միշտ բաց ժամանակակից մարտահրաւէրներուն - ըսաւ 

Նորին Սրբութիւնը ու հաւատացեալները հրաւիրեց լռելեան հարց տալ. Ո՞վ է Յիսուս ինծի համար։ Ան ապա հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ միշտ ընդանալու դէպի Յիսուս։

ֆրանչիսկոս Պապ ապա կոչ ուղղեց Ուկրանիոյ մէջ դարձեալ բռնկուած կացութեան համար ու ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները անոնց մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.